2014-10-22 12:00:56

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Եկեղեցին Քրիստոսի Մարմին''։


(Ռ.Վ. 22 հոկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2014-ին առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց ''Պայերն Միւնխէնի'' ոտնագունդի հաւաքականի մարզիկներուն, որոնք Նորին Սրբութեան խոստացան մէկ միլիոն եւրոյի գումար մը նուիրել բարեսիրական գործունէութեան։ Պապը ապա ժամը 10,30-ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ու այս առթիւ արտասանած իր Ճառին մէջ շարունակելով Եկեղեցւոյ մասին խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց Եկեղեցւոյ վրայ որպէս Քրիստոսի Մարմին։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, երբ կ՛ուզենք լուսաբանել թէ ինչպէս տարրեր որոնք մէկ իրականութեան մաս կը կազմեն սերտօրէն միացած են իրարու եւ կը կազմեն մէկ իրողութիւն, կ՛օգտագործենք ''մարմին'' բառը։ Սուրբ Պօղոս առաքեալէն սկսեալ այս արտայայտութիւնը յատկացուեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ եւ ճանչցուեցաւ որպէս անոր ամենախոր ու գեղեցիկ յատկանիշը։ Այսօր կ՛ուզենք հարց տալ թէ ի՞նչպիսի ձեւով Եկեղեցին կը կազմէ մէկ Մարմին եւ ի՞նչու կը կոչուի Քրիստոսի Մարմին։
Եկեղեցին արդարեւ Սուրբ Հոգիին գլուխ գործոցն է որ մեզմէ իւրաքանչիւրին կը ներշնչէ Յարուցեալին նոր կեանքը, մեզ դնելով մէկը միւսին մօտ, մէկը միւսին ծառայութեան, որպէս մէկ մարմին, կառուցուած հաղորդակցութեան եւ սիրոյ վրայ։ Եկեղեցին սակայն որեւէ մէկ մարմին մը չէ` Ան Քրիստոսի Մարմինն է, որ է Եկեղեցւոյ գլուխը։ Ու մենք անոր մարմինը կազմելու շնորհքը կը ստանանք սուրբ մկրտութեամբ, որուն միջոցաւ Քրիստոս մեզի իրենինները կը դարձնէ, մեզ ընկալելով իր խաչի խորհուրդի սրտին մէջ, որ է Անոր մեզի հանդէպ ունեցած սիրոյ մեծագոյն խորհուրդը, որով մեզի յարութիւն պիտի տայ որպէս նոր արարածներ։
Ոչ մէկ բան կարող է մեզ բաժնել այդ մարմինէն զոր Քրիստոս կը սիրէ այնպէս ինչպէս փեսան կը սիրէ իր հարսը։ Մենք ալ պէտք ենք համապատասխանել Անոր կամքին ու մեր միջեւ կիսենք Անոր սէրը։
''Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, հայցենք Սուրբ Հոգւոյն շնորհքը մեր վրայ որպէսզի անոր արատ պարգեւները մեզի օգնեն իսկապէս ապրելու որպէս Քրիստոսի Մարմին եւ որպէս Անոր սիրոյն տեսանելի եւ գեղեցիկ նշան'', ըսաւ Քահանայապետը իր ճառին աւարտին ու ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրատարակը գտնուող հաւատացեալները, յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդատներն եւ նորապսակեալներուն։
Հոկտեմբեր ամիսը մեզ կը հրաւիրէ նորոգելու մեր գործօն համագործակցութիւնը Եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Երիտասարդ թարմ ուժերու շնորհիւ եւ աղօթքի ու զոհողութեան ուժով ինչպէս նաեւ ամուսնական կեանքի ներուժի միջոցաւ, գիտցէք դառնալ Աւետարանի առաքեալները, աջակցելով բոլոր անոնց որոնք կը պայքարին Աւետարանը ճանչցնելու անոնց որ տակաւին չեն ճանչնար զայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.